2013-10-28 11:48:30

''Յիսուս կը շարունակէ աղօթել մեզի համար` իր վէրքերը ներկայանցելով իր Հօր'' - ըսաւ Սրբազան Հայրը։


Երկուշաբթի, 28 հոկետմբերի առաւօտեան` Սանդա Մարդայի մատրան մէջ մատուցած սուրբ պատարագի ընթացքին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան քահանայապետը իր քարոզին մէջ հաստատեց թէ ''Յիսուս կը շարունակէ աղօթել եւ բարեխօսել մեզի համար, իր Հօր ցոյց տալով մեր փրկութեան գինը` իր կրած վէրքերը''։
Յիսուս միշտ կ՛աղօթէ մեզի համար, Ան մեզ փրկեց եւ մեզ արդարացուց - ըսաւ Նորին Սրբութիւնը - ու ապա հրաւիրեց` Գոհաբանել Տէրը, շնորհակալ ըլլալ Անոր, շնորհակալ ըլլալ որ իրեն պէս եղբայր մը ունինք որ մեզի համար կ՛աղօթէ։ Զրուցենք Անոր հետ ըսելով` ''Տէր դուն բարեխօսն ես, դուն զիս փրկեցիր, զիս արդարացուցիր։ Հիմայ եւս աղօթէ ինծի համար''։
Ֆրանչիսկոս Պապը հուսկ եզրափակեց յանձարարելով` ''Յիսուսին յանձնել մեր խնդիրները, մեր կեանքը, ու ամէն բան, որպէսզի զանոնք ներկայացնէ իր Հօր''։








All the contents on this site are copyrighted ©.